2017-02-26 12:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը` ''Աստուծոյ ապաւինիլ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, այսօրուան աւետարանական էջը (Մատթ. 6, 24-34) զօրեղ կոչ է վստահելու Աստուծոյ որ հոգ կը տանի արարչութեան կենդանի արարածներուն։ Ան կը հոգայ բոլոր անասուններու կերակուրին, կը մտահոգուի շուշաններով ու դաշտի խոտերով ու անոր բարերար ու հոգատար հայեացքը ամէն օր կը հսկէ մեր կեանքին վրայ''։  Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` կիրակի 26 փետրուար 2017-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, ուր հրաւէր ուղղեց մեր վստահութիւնը դնելու Աստուծոյ վրայ, յայտնելով թէ Յիսուս մեզ կը յորդորէ չմտահոգուիլ թէ ի՞նչ պիտի պատահի վաղը` որովհետեւ Հայր մը ունինք որ երբեք չի մոռնար իր զաւակները։

''Աստուած հեռու եւ անանուն էակ մը չէ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ան մեր ապաւէնն է ու մեր անդորրութեան ու խաղաղութեան աղբիւրը. Ան մեր փրկութեան ժայռն է որուն կրնանք կառչիլ վստահութեամբ։ Ան մեր Հայրն է որմէ սակայն դժբախտաբար կը հեռանանք երբ կը փնտռենք վաղանցուկ իրականութիւններ, որոնք ինչպէս մեզի կը յայտնէ Յիսուս`պատճառն կը դառնան մեր տխրութեան ։

 

Յիսուս իր աշակերտները կը հրաւէրէ փնտռելու երկնքի արքայութիւնը ու չծառայելու երկու տէրերու` հարստութեան եւ Աստուծոյ։ Թէեւ Աստուծոյ ու Անոր Արքայութեան ընտրանքին պտուղները անմիջապէս չեն յայտնուիր, այս մէկը ընտրանք մըն է որ կ՛առնուի յոյսի մէջ. ''Քրիստոնէական յոյսը որ ոչ մէկ դժուարութեան առջեւ կանգ կ՛առնէ որովհետեւ հիմնուած է Աստուծոյ հաւատարմութեան վրայ որ երբեք յուսա խափ չի թողուր'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը` որպէսզի մեզ օգնէ յանձնուելու մեր Երկնաւոր Հօր սիրոյն ու բարութեան, յաղթահարելով կեանքի դժուարութիւններն ու նոյնիսկ հալածանքները, այնպէս ինչպէս մեզի ցոյց կու տան մեր բազմաթիւ եղբայրներուն եւ քոյրերուն վկայութիւնները։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու անոնցմէ հրաժեշտ առնելով բոլորին մաղթեց բարի կիրակի,  խնդրելով նաեւ որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Նշենք թէ կիրակի 26 փետրուարի յետմիջօրէի ժամը 4.00-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, պատմական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի ''“All Saints - Ամենայն Սրբոց'' անուան Անկլիքան եկեղեցւոյ, Անկլիքան հասարակութեան Հռոմի մէջ մատուցած առաջին ծիսակատարութեան 200րդ ամեակի յոբելեանի ծիրէն ներս։ 

Այս առաջին անգման է որ Քահանայապետ մը կ՛այցելէ Անկլիքան Եկեղեցւոյ պատկան սոյն ժողովրդապետութիւնը, որ կը գտնուի Հռոմի ''Via del Babuino'' կեդրոնական մէկ պողոտայի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.